2016-09-22 10:21:00

Յարձակում` Թուրքիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպանատան մուտքին


«Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ դաշոյնով զինուած մարդ մը վիրաւորուեցաւ, երբ Անգարայի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան մուտքին գտնուող ապահովական պատասխանատուները կրակ բացին անոր վրայ:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ մարդը փորձած է դեսպանատուն ներխուժել: Անոնք յայտնեցին, որ դեսպանատունէն ոչ ոք վիրաւորուած է: Անգարայի կառավարիչին գրասենեակը յայտնեց, որ կասկածելին կը թուի «մտային խանգարում» ունենալ, եւ որեւէ կազմակերպութեան հետ կապեր չեն գտնուած:

«Թայմզ աֆ Իսրայէլ» հաղորդեց, որ յարձակում գործողը փորձած է դանակահարել պահակ մը, որ նախ զգուշացնելու համար օդը կրակած է, ապա յարձակում գործողին ոտքին:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ յարձակում գործողը դաշոյնը պահած էր թերթի մը մէջ, զայն թերթէն դուրս հանած էր, օդը ճոճած եւ բացագանչած: Ան անտեսած էր պահակներուն զգուշացումները:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ բանբերը` Էմանուէլ Նահսոն յայտնեց, որ յարձակում գործողը վիրաւորուած է ոտքէն: «Չենք գիտեր, եթէ ան ոստիկաններուն դէ՞մ, թէ՞ ինքնին դեսպանատան դէմ յարձակում կը գործէր», ըսաւ ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.